2016-01-04 09:43:00

Երուսաղէմի լատիններու պատրիարքի կոչը պաղեստինցիներուն ու հրեաներուն` հրաժարելու բռնութենէն։


(Ռատիօ Վատիկան) Երուսաղէմի լատիններու Պատրիարք` Գերերջանիկ Թուալ, ամանորի պատգամին մէջ կոչ ուղղած է պաղեստինցիներուն ու հրեաներուն հրաժարելու բռնութենէն և ընթանալու դէպի խաղաղութիւն առաջնորդող ուղիին վրայ։ Ան հաւատացեալներէն խնդրած է շարունակել աղօթել Ս﹒ Երկրի խաղաղութեան համար։ Տէրը պատշաճ պահուն մեզի պիտի պարգեւէ խաղաղութիւնն ու հաշտութիւնը - ըսած է Ան, Խաղաղութեան համաշխարհային օրուան մատուցած պատարագին ընթացքին պատգամելով` թոյլ չտալ որ չարը յաղթանակէ, ու չարին դէմ հակասել ներումով ու վեհանձնութեամբ։

''Բարոյական բարիքը կը ծնանի սէրէն'' ըսած է ապա Պատրիարքը խօսելով Ողորմութեան Յոբելեանին մասին,  ու դատապարտելով զէնքի վաճառքը որուն հետեւանքով անհամար մարդիկ զոհ կ՛երթան։ Պատրիարքը ապա խնդրած է աղօթել քաղաքական մարդոց համար ու ս﹒ Երկրի բոլոր բնակիչներուն մաղթած է ուրախութիւն ու երջանկութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.